Հ.Բ.Ը. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
-
Կարգը՝ Նորություններ
-
Ստեղծվել է Հունվարի 15 2012-ին
-
Վերջին թարմացում՝ Մարտ 04 2014
-
Հունվարի 15 2012
-
Հեղինակը՝ Anna

|
Մինչ վերանորոգ եռանդով եւ բարձր ակնկալութիւններով կը թեւակոխենք 2012-ը, մեր անդամակցութեան, բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան բարեկամներուն կը փոխանցեմ առողջ եւ ծաղկուն Նոր Տարուան լաւագոյն մաղթանքներս: Թող ան ըլլայ արգաւանդ՝ ուրախութեամբ եւ յաջողութիւններով: Մեծ գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ կրնանք հաստատել թէ անցնող տարին յատկանշուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի իրագործած բազմաթիւ յաջող եւ ուռճացող ծրագիրներով ու գործունէութեամբ, միութեան աշխարհատարած համայնքներուն թէ Հայաստանի ու Ղարաբաղի մէջ: |
Ավելին՝ Հ.Բ.Ը. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ